«Արմաթ»-ը անօդաչուներու մասնագէտներ պիտի պատրաստէ

2021-01-21
Image

Անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) նախագծման ու պատրաստման, սարքերու սպասարկման եւ կառավարման համար երկու տարի անց Հայաստանի մէջ հնարաւոր կը դառնայ տարեկան պատրաստել 1750 մասնագէտ, 19 Յունուարին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեցին Առաջատար արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութեան (ԱՏՁՄ) ղեկավարները՝ ազդարարելով «Արմաթն օդում» ծրագրի մեկնարկի մասին։

Միութեան գործադիր տնօրէն՝ Ռաֆֆի Քասսարճեան նշեց, որ նման մասնագէտներու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս նկատուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։ ԱԹՍ-ներու գծով այդպիսի կրթութիւնը տարուէ տարի պահանջուած կը դառնայ նաեւ քաղաքացիական կեանքին մէջ, քանզի ԱԹՍ-ներու ոլորտը ժամանակակից տնտեսութեան ամէնէն արագ աճող ճիւղերէն մէկն է։

«Ուզում ենք ներկայացնել մեր «Արմաթն օդում» ծրագիրը։ Դա անօդաչու թռչող սարքերի պատրաստման ընդհանուր ուսումնական ծրագիր է, որ մեկնարկում ենք այս գարնանը։ Նպատակը այն է, որ ինչպէս մենք պատրաստեցինք 14 հազար տարեկան շրջանաւարտ «Արմաթ» աշխատանոցներում, ունենանք նպանատիպ ներդրում», – ըսաւ Քասսարճեան։

«Արմաթն օդում» ծրագրի համաձայն, կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ այս տարի հիմնել ԱԹՍ կրթական 25 աշխատանոց, իսկ յաջորդ տարի՝ եւս 40, ուր 15-18 տարեկանները պիտի ստանան անօդաչու թռչող սարքերու աշխատանքի տեսական գիտելիքներ, պիտի իւրացնեն անոնց նախագծման ու պատրաստման, ծրագրային ապահովման, սարքերու սպասարկման եւ կառավարման առանձնայատկութիւնները։ Ընդ որում, ի տարբերութիւն նմանատիպ այլ նախագծերու, կրթական ծրագրին մէջ ընդգրկուած են ե՛ւ պտուտակաւոր, ե՛ւ թեւաւոր ԱԹՍ-ները. վերջիններս, սովորաբար, ունին ռազմական նշանակութիւն։

«Արմաթ» ծրագրի ղեկավար՝ Սեդրակ Վարդանեանի խօսքով, «Արմաթն օդում» ծրագրի իրագործումը կ’արժէ 422 միլիոն դրամ, միութիւնը արդէն իսկ հաւաքած է 52 միլիոնը․ – «Արդէն իսկ ապրիլ ամսից մենք նախատեսում ենք 8 աշխատանոցների ներդրումը։ Դրանք կը լինեն Գիւմրի, Վանաձոր, Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեան ռազմական ուսումնարանը, Թալին, Գաւառ, Երեւան, Կապան եւ Ստեփանակերտ քաղաքները»։

Ըստ Վարդանեանի, իւրաքանչիւր աշխատանոցի մէջ պէտք է գործէ երեք խումբ, կրթական ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի, եւ 65 աշխատանոց պատրաստ ըլլալուն պէս տարեկան շրջանաւարտներու թիւը կրնայ հասնիլ 1750-ի․ – «Այդ քանակից մի մասը կը գնան ժամկէտային ծառայութեան, մօտաւորապէս 1300-1400 հոգի, այսինքն՝ առնուազն մենք երկու տարուայ ընթացքում բանակին կու տանք 18 տարեկանը լրացած շուրջ 2500 պատրաստուած տղաներ։ Այդ տղաները, ինչպէս նաեւ այն աղջիկներն ու տղաները, որոնք չեն գնայ ժամկէտային ծառայութեան, նաեւ կարող են ընդգրկուել արհեստագիտական ձեռնարկութիւնների ոլորտը»։