«Մեկամոլ»-էն տարհանուած է մօտ 350 քաղաքացի

2020-07-06
Image

«Մեկամոլ Արմենիա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ ռումբերու մասին ահազանգէն ետք փրկարարները եւ ոստիկանութեան աշխատակիցները կ'իրականացնեն տարհանում․ անվտանգ տարածք դուրս բերուած է մօտ 350 քաղաքացի։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ Փրկարար ծառայութեան եւ ոստիկանութեան խումբերը կ'իրականացնեն ռումբերու որոնման աշխատանքներ։

Նշենք, որ 6 յուլիսին, ժամը 13։30-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ոստիկանութենէն տեղեկութիւն ստացուած է, որ համացնացային հարթակի վրայ հաղորդագրութիւն տարածուած է, որ Երեւանի «Մեկամոլ Արմենիա» առեւտուրի կեդրոնի 1-ին եւ 2-րդ յարկերուն վրայ ռումբեր տեղադրուած են, որոնք ժամը 13։50-ին պիտի պայթին։

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ, փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական, հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի դաշտային խումբերը եւ հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հրահանգիչը։