«Որոգայթ Փառաց». Սահմանադրութեան առաջին նախագիծը

2021-07-05
Image

Սահմանադրութեան ընդունման 26-րդ տարեդարձի առթիւ՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը ներկայացնէ Սահմանադրութեան առաջին տպագիր նախագիծը՝ «Որոգայթ Փառաց»-ը: Շուրջ 250 տարուան պատմութիւն ունեցող գիրքը կը պահուի Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ եւ ցուցադրուած է The Museum of Printing / Գրատպութեան թանգարանին մէջ:

Մասնագիտական գրականութեան եւ առհասարակ աշխարհի մէջ առաջիններէն մէկը համարուող սահմանադրութեան նախագիծը տպագրուած է Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ՝ Յակոբ Շահամիրեանի անուան տպարանին մէջ՝ ինչպէս տիտղոսաթերթին վրայ նշուած է 1773 թուականին: Գիրքը բաղկացած է 339 գծափակ էջէ, տիտղոսաթերթը եւս գծափակ է, առկայ են գլխազարդեր, զարդագրեր, վերջազարդեր, խաչ պատկերող զարդանկար եւ այլն:

Այն բաղկացած է պատմական-տեսական մասէ եւ 521 յօդուած ներառող սահմանադրութեան նախագիծէ, որ մշակուելէ եւ հաստատուելէ ետք պիտի ստանար օրէնքի ուժ եւ գործադրուէր Հայկական նորաստեղծ Հանրապետութեան շրջագիծէն ներս։ 

«Որոգայթ փառաց»-ը 18-րդ դարու 2-րդ կէսի հայ լուսաւորական միտքի եւ առաջադիմական գաղափարներու արժէքաւոր վաւերագիր է։