«Քորոնա»ի ախտորոշման փորձարկիչներու հայկական տարբերակը շուտով շրջանառութեան պիտի դրուի

2020-07-01
Image

ՀՀ ԳԱԱ Մոլեքուլային (մասնիկային) կենսաբանութեան  հիմնարկը մօտ օրերս ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն պիտի ստանայ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման փորձարկիչներու արտադրութեան պաշտօնական գրութիւնը:

«Արմէնբրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին հիմնարկի տնօրէն Արսէն Առաքելեանը նշած է, որ պաշտօնական գրութիւնը ունենալէն անմիջապէս ետք պիտի սկսին փորձարկիչներու տրամադրումը:

«Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը, որ կ'իրականացնէ փորձարկումները, արդիւնքները ուղարկած է Առողջապահութեան նախարարութիւն, որն ալ արդէն գրութիւնը առաքած է հիմնարկ: Մենք նշած էինք, որ օրական 2 հազար փորձարկիչ կրնանք արտադրել, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային հնարաւոր կ'ըլլայ աւելցնել ծաւալները»,- ըսած է Արսէն Առաքելեանը: Ան տեղեկացուցած է, որ արդէն 6 հազար փորձարկիչ ունին պահեստաւորուած: Այս ընթացքին փորձարկած են արտադրութեան ներուժի հնարաւորութիւնները: Արդիւնքները հաշուի առնելով՝ հիմնարկի տնօրէնը վստահեցուցած է, որ հանգիստ կրնան աւելցնել արտադրութեան ծաւալները:

Խօսելով փորձարկիչներու որակի մասին՝ Արսէն Առաքելեանը տեղեկացուցած է, որ, ըստ փորձարկումներու, իրենք ստացած են 98 տոկոս ճշդութիւն:

Ախտորոշման փորձարկիչներու արտադրութեան ընթացքին հիմնարկը սերտօրէն համագործակցած է արտասահմանեան գործընկերներու հետ: Ինչ կը վերաբերի անոնց արտահանման հարցին, ապա Արսէն Առաքելեանը տեղեկացուցած է, որ այս պահին այդ չեն քննարկեր, որովհետեւ փորձարկիչները պէտք է անցնին վկայագրութեան եւ գրանցման բաւական երկար փուլ, իսկ ատոր համար պէտք են օրէնսդրական հնարաւորութիւններ: