«Քորոնա» ժահրի հաստատման հայկական արտադրութեան PCR փորձարկիչները արդէն պատրաստ են. Արսէն Թորոսեան

2020-06-25
Image

«Քորոնա» ժահրի հաստատման հայկական արտադրութեան PCR փորձարկիչները արդէն պատրաստ են: Անոնք պիտի օգտագործուին Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ պետական պատուէրով իրականացուող հետազօտութիւններուն համար:

Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին յայտնած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, աւելցնելով, որ սա շատ լուրջ յառաջընթաց է մեր բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւններու համար:

Նախարարը նշած է, որ յատուկ շնորհակալութիւն կ'ուզէ յայտնել Մոլեկուլային (մասնիկային) կենսաբանութեան հիմնարկին` փորձարկիչները մշակելու եւ արտադրելու համար, ինչպէս նաեւ պարէտատան` անոնց մշակման համար անհրաժեշտ պարագաներն ու նիւթերը ձեռք բերելու եւ Հայաստան ներածելու համար: