Իսթանպուլի մէջ ձիւնի առատ տեղումներու պատճառով չեղարկուած է 407 թռիչք

2022-03-12
Image

Turkish Airlines օդանաւային ընկերութիւնը Իսթանպուլի մէջ ձիւնի առատ տեղումներու պատճառով չեղարկած է 407 թռիչք:

Ձիւնի տեղումները Մարտ 11-էն խախտած են օդային, ծովային ու ցամաքային հաղորդակցութիւնը, չեղարկուած է ուսումնական հոլովոյթը դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ:

Վատ տեսանելիութեան պատճառով դադրեցուած է նաեւ նաւերու շարժը Պոսֆորի նեղուցով: