Նամականիշին վրայ բժշկական հագուստով մարդը Արցախը «կ՚ախտահանէ» հայերէ. ՄԻՊ-ի արձագանգ

2021-01-15
Image

Ատրպէյճանական այս նամականիշերը կը պատկերեն, թէ ինչպէս բժշկական հագուստով մարդը քիմիական ախտահանման կ'ենթարկէ Արցախը՝ հայերէ. ատրպէյճանական իշխանութիւններն այս անգամ նամանաիշեր թողարկելով կը խորացնեն հայատեացութիւնը, որ նաեւ Արցախի մէջ հայերու բնաջնջման բացայայտ քարոզ է պետական մակարդակով: Այս մասին կը յայտնեն ՄԻՊ գրասենեակէն։

 Մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի փոխադրութեան, կապի եւ բարձր արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը թողարկած է «Ատրպէյճան 2020» փոսթային նամականիշեր, որոնցմէ մէկը արցախահայութեան բնաջնջման բացայայտ քարոզ է։

Նամականիշին վրայ բժշկական հագուստով մարդը գործիքով քիմիական ախտահանման կ'ենթարկէ Արցախը հայերէն՝ բացայայտօրէն այն ներկայացնելով որպէս «կեղտ»։

Այս նամականիշը անգամ մը եւս կ'ապացուցէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի այն պնդումները, որ Ատրպէյճանը կը վարէ հայերու ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն ու այդ կ'ընէ էթնիք պատկանելիութեան հիմքով, միայն այն պատճառով, որ Արցախի մէջ ապրող մարդիկ հայ են։

Պետական մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան քարոզչութիւնը հետեւողականօրէն կ'իրականացուի տարիներ շարունակ։ Այդ թշնամանքի քարոզի ու կազմակերպուած հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանք են այն դաժանութիւններն ու խոշտանգումները, որոնք կատարած են պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինուած ուժերու ծառայողները էթնիք հայերու նկատմամբ։

Այս ամէնու խորքային պատճառները հիմնաւորուած են Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու համատեղ հրապարակային զեկոյցի ապացոյցներով ու վերլուծութեամբ («Ատրպէյճանում կազմակերպուած ատելութեան խօսքը եւ թշնամանքն էթնիք հայերի նկատմամբ` որպէս ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից էթնիք հիմքով խոշտանգումների եւ անմարդկային վերաբերմունքի արմատական պատճառներ»):