#stopaliyev․ Ատրպէյճանի մէջ խաղաղ յեղափոխութեան ժամանակը եկած է․ Թանքեան

2020-07-17
Image

«Սա Իլհամ Ալիեւն է. ան Ատրպէյճանի նաւթալիկարխիք նախագահն է: Ան իշխանութիւնը ժառանգած է հօրմէն՝ Հէյտարէն, եւ կնոջ փոխնախագահ նշանակած է: Ատրպէյճանը, բացի ժողովրդավար ըլլաէ, ամէն բան է»,-այս մասին գրած է Սերժ Թանքեանը Instagram-ի իր էջին:

«Երբեք խաղաղութիւն չենք տեսներ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, քանի դեռ ատրպէյճանցի ժողովուրդը չունի պատշաճ ղեկավարութիւն եւ ըսելիք՝ իր ճակատագրի համար: Եկած է Ատրպէյճանի մէջ խաղաղ յեղափոխութեան ժամանակը, ինչպիսին էր Հայաստանի մէջ 2018 թուականին տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որպէսզի այնտեղ ըլլայ ողջամիտ ղեկավարութիւն եւ յուսամ՝ խաղաղութիւն։ #stopaliyev»։