Ռուս խաղաղապահներու Հայաստան տեղափոխումը կը շարունակուի

2020-11-10
Image

Ուլեանովսկ շրջանէն ռուս խաղաղապահներ տեղափոխող 11-րդ եւ 12-րդ օդանաւները մեկնած են Լեռնային Ղարաբաղ։ Այս մասին կը յայտնէ «Ռիա Նովոսթի»ն, վակայակոչելով Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Ռուս խաղաղապահներ տեղափոխող տասնմէկերորդ եւ տասներկրորդ ԻԼ-76 ռազմական փոխադրական ինքնաթիռները թռիչք իրականացուցած են «Ուլեանովսկ-Վոստոչնի» օդակայանէն: Օդանաւին մէջ խաղաղապահ ստորաբաժանման անձնակազմ, նիւթական միջոցներ եւ զրահամեքենաներ են»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։