Առողջապահութեան նախկին փոխնախարարը կալանաւորուած է

2020-09-08
Image

2019-ին 5 մլն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած՝ առողջապահութեան նախկին փոխնախարար Վահան Պօղոսեանին նոր մեղադրանք առաջադրուած է եւ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Գլխաւոր դատախազութեան լրատւութեան ծառայութենէն կը յայտնեն, որ «Պալարախտի (Թուպերքուլոզ) դէմ պայքարի ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ին մէջ շարք մը չարաշահումներու կատարման դէպքի առթիւ  յարուցուած է քրէական գործ եւ յանցաւոր արարք կատարելու համար մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ ԱՆ նախկին փոխնախարար Վահան Պօղոսեանին:

Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի 9 մարտի 2019-ի որոշմամբ վերջինիս նկատմամբ որպէս կալանաւորման այլընտրանքային խափանման միջոց կիրառուած է գրաւը՝ 5.000.000 ՀՀ դրամի չափով:

Քրէական գործով հետագայ նախաքննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու հիման վրայ  11 օգոստոս 2020-ին Վահան Պօղոսեանին առաջադրուած մեղադրանքը փոփոխուած է եւ անոր կրկին մեղադրանք առաջադրուած է 2015-2016 թուականներու ընթացքին յանցանքներ կատարելու համար։

Մեղադրանքը առաջադրուած է այն բանի համար, որ Վահան Պօղոսեանը, հանդիսանալով ՀՀ-ի մէջ բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման կազմակերպման, պալարախտի եւ ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի կանխարգելման ու բժշկական օգնութեան կազմակերպման, ՀՀ տարածքին ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի կանխարգելման եւ պալարախտի դէմ պայքարի Համաշխարհային Հիմնադրամի եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գրասենեակի ֆինանսաւորմամբ իրականացուող ծրագրերու բնագաւառին մէջ աշխատանքները համակարգող ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ, կազմակերպած եւ ղեկավարած է Համաշխարհային հիմնադրամի եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գրասենեակի ֆինանսաւորմամբ իրականացուող ծրագրերէն ՀՀ ԱՆ «Պալարախտի դէմ պայքարի ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնի կողմէ, ՀԿ-ի ներգրաւմամբ եւ 2 ՍՊԸ-ներու ղեկավարներու օժանդակութեամբ, նշուած կազմակերպութիւններուն փոխանցուած գումարներէն շարունակաբար առանձնապէս խոշոր չափի դրամական միջոցներու՝ 78.341.320 ՀՀ դրամի իւրացումը, որմէ աւելի քան 2/3-րդը, որպէս յափշտակութեան կազմակերպիչ, տրամադրուած է Վահան Պօղոսեանին, իսկ մնացած մասը՝ 20.591.320 ՀՀ դրամը, տնօրինուած է կեդրոնի տնօրէնի կողմէ, անձնական նպատակներով:

Բացի այդ, Վահան Պօղոսեանը կազմակերպած եւ ղեկավարած է «Պալարախտի դէմ պայքարի ազգային կեդրոն»-ի տնօրէնի կողմէ «Պալարախտով հիւանդներու ընկերային աջակցութեան» ծրագրէն իւրացման եղանակով առանձնապէս խոշոր չափով՝ ընդհանուր 8.371.880 ՀՀ դրամ գումարի յափշտակութեան կատարումը՝ երկու աշխատակիցներ ձեւական գրանցելու եւ անոնց անուամբ դուրս գրուած աշխատավարձը իրենց վերցնելու միջոցով:

Բացի այդ, ՀՀ առողջապահութեան նախկին փոխնախարարը, ծառայութեան գծով թողտւութեան եւ հովանաւորչութեան համար, գոյքային առաւելութեան տեսքով որպէս առանձնապէս խոշոր չափով կաշառք, Կեդրոնի տնօրէնէն պահանջած է ձեռք բերել եւ անձնական օգտագործման համար իրեն տրամադրել իբրեւ Կեդրոնի կարիքներու համար 17.600.000 ՀՀ դրամ արժէքով գնուած մեքենան, որմէ ետք պահանջած է նաեւ Կեդրոնի միջոցներու հաշուոյն կատարել մեքենայի ընթացիկ ծախսերը եւ իւրաքանչիւր ամիս որպէս կաշառք ստացած է 100 լիթր պենզինային վառելիքի կտրոններ:

ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի 7 սեպտեմբերի 2020-ի որոշմամբ դատախազութեան բողոքը բաւարարուած է, Վահան Պօղոսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը։

Նշուած քրէական գործով նախաքննութեան տարբեր փուլերուն մեղադրանք առաջադրուած է 12 անձի, այդ շարքին նաեւ «Պալարախտի դէմ պայքարի ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Ա.Հ.-ին, որուն նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորման այլընտրանքային գրաւ: