Ատրպէյճանը Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ արգիլուած զէնք կը կիրառէ

2020-10-20
Image

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ոչ հեռու յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած ողկուզային հրթիռ՝ 260-էն աւելի պայթած ու չպայթած բեկորային ռումբերով, որ միջազգային բոլոր համաձայնութիւններու դրոյթներով՝ արգիլուած է կիրառել խաղաղբնակչութեան վրայ։

Տարածքը, ուր յայտնաբերուած է հրթիռը, տնտեսական նշանակութիւն ունի: Այստեղ մարդիկ անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ ու մեղուաբուծութեամբ կը զբաղին:

Մօտակայքը ռազմական որեւէ կառոյց չկայ: Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան Փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը արօտավայրին ու յարակից անտառներուն մէջ յայտնաբերուած զինամթերքը հետագային պիտի ոչնչացնեն:

Այս օրերուն Արցախի մէջ գտնուող հայկական ու արտասահմանեան լրատուամիջոցները նկարահանած եւ լուսաբանած են սակրաւորներու աշխատանքը:

ԱԻ պետական ծառայութիւնը անգամ մը եւս կը յորդորէ մեր հայրենակիցները՝ տան բակերուն, այգիներուն, թէկուզ անտառներուն մէջ ռումբ, կամ այլ պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերելու պարագային անյապաղ զանգելու ☎️ 911,112,101 շուրջօրեայ գործող հեռախօսահամարներուն: