Ատրպէյճանցիներու կողմէ անմարդկային վերաբերմունքի արժանացածը Շուշիի բնակիչ, 80-ամեայ Ճոնիկ Թեւոսեանն է. ՄԻՊ

2020-11-20
Image

ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան շրջածիրէն ներս պարզուած է, որ տարածուած տեսանիւթին մէջ երեւցող՝ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ անմարդկային վերաբերմունքի արժանացած անձը Շուշի քաղաքի բնակիչ, 80-ամեայ Ճոնիկ Թեւոսեանն է: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանը։

«Ան չէր հասած լքել Շուշին, եւ ինկած էր ատրպէյճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ:

Ճոնիկ Թեւոսեանի ընտանիքի անդամները դիմած են մեր աշխատակազմ՝ խնդրելով աջակցիլ իրենց հարազատի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով: Մենք եղած տուեալները փոխանցած ենք Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէ՝ խնդրելով հնարաւորինս արագ ապահովել ԱՀ քաղաքացիի կեանքի ու այլ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ ըստ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու:

Այս տեսանիւթով եւս մէկ անգամ կը դրսեւորուի Ատրպէյճանի մէջ տիրող հայատեացութեան տրամադրութիւններու համակարգային ու խորքային բնոյթը, որոնք ամբողջովին կը խրախուսուին պետութեան կողմէ: Սա հայատեացութեան ու պատերազմական յանցագործութիւններու մեծ շղթայի մէկ դրուագն է, եւ ցաւալիօրէն պէտք է արձանագրել, որ մէկը մէկէն աւելի դաժան այդպիսի դրուագները ոչ միայն ուղղակիօրէն ողջոյնի կ'արժանանան ատրպէյճանական հասարակութեան կողմէ, այլ նաեւ շարունակութիւն կը ստանան միջազգային հանրութեան կուրութեան, խլութեան ու համրութեան պատճառով:

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հետ համատեղ այս դէպքը եւս պիտի ներկայացնենք միջազգային համապատասխան մարմիններ եւ հետեւողական պիտի ըլլանք պատշաճ գնահատականներու հասնելու համար»,- գրած է ան։