Արայիկ Յարութիւնեանն ընդունած է ՀՀ-էն ժամանած խումբ մը բժիշկ-փորձագէտներ
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 24 յունուարին ընդունած է ԱՀ առողջապահութեան նախարարի հրաւէրով ՀՀ-էն ժամանած խումբ մը բժիշկ-փորձագէտներ, կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմը:
Ներկայացնելով այցի ընթացքին կայացած մասնագիտական քննարկումներու արդիւնքները՝ պատուիրակութիւնը գլխաւորող բժիշկ Արամայիս Գալումեանը նշած է, որ անոնք շատ օգտակար էին համագործակցութեան կապերու ու մեխանիզմներու ստեղծման ու զարգացման առումով:
Գալումեանի խօսքով՝ Արցախի առողջապահական համակարգի առկայ հիմնախնդիրներն արդիւնաւէտօրէն լուծելու գործին մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի ունենան ՀՀ առողջապահութեան համակարգի առաջատար բազմաթիւ մասնագէտներ, որոնք ընդգրկուած են այդ նպատակով ձեւաւորուած փորձագիտական խորհուրդին մէջ:
Նախագահ Յարութիւնեանը կենսական նշանակութեան խնդիր համարած է Արցախի մէջ բարձրորակ առողջապահական ծառայութիւններու ապահովումը՝ նշելով, որ կառավարութիւնն այս ուղղութեամբ պիտի շարունակէ գործադրել առաւելագոյն ջանքեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ոլորտի առաջատար մասնագէտներուն ցուցաբերած պատրաստակամության ու աջակցության համար՝ ընդգծելով անոնց ունեցած անձնուրաց ներդրումը յատկապէս պատերազմական օրերուն:
Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեանը եւ ԱՀ առողջապահութեան նախարար Միքայէլ Հայրիյեանը: