Արցախը նոր հերոս ունի

2020-11-23
Image

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը որոշում կայացուցած է Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար ԱՀ Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Արարատ Միքայէլի Մելքումեանին շնորհել «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում:

«Արարատ Մելքումեանի՝ զինուորականի օրինակելի կերպարը բացայայտուած է դեռ Արցախեան առաջին պատերազմի, ապա եւ մասնագիտական ծառայութեան ընթացքին: 2016-ի քառօրեայ պատերազմի օրերուն անոր անձնուրաց գործողութիւնները Հայրենիքը բարձր գնահատած էր՝ արժանացնելով «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանի: Իսկ այն, ինչ ըրաւ պահեստազօրի գնդապետն արդէն 27 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ողջ ընթացքին, ոչ միայն պահի սխրագործութիւն էր, այլեւ դաս սերունդներուն՝ երբեք չյանձնուիլ:
Մենք մեր մէջքն ուղղելու ժամանակ ունինք…»,- գրած է ան։