Արցախի նախագահը աշխատանքային շրջայց կատարած է Ասկերան եւ Մարտունի

2021-06-02
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 1 Յունիսին աշխատանքային այցով մեկնած է Ասկերանի շրջանի Շոշ եւ Սարուշէն, Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ եւ Թաղավարդ համայնքներ, կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմը։

 

Շոշ, Սարուշէն եւ Թաղավարդ համայնքներուն մէջ երկրի ղեկավարը հանդիպած է բնակիչներու հետ, քննարկած յետպատերազմեան շրջանին առկայ անվտանգային եւ ընկերային-տնտեսական մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, անոնց յաղթահարմանն ուղղուած ընելիքները։

Երկրի ղեկավարը նշած է, որ առաջիկային համայնքներուն մէջ պիտի աւելցուի իրականացուող շինարարական աշխատանքներու ծաւալը՝ ուղղուած պատերազմի հետեւանքներու վերացմանն ու ենթակառուցուածքներու վերականգնման։ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով՝ ընթացիկ տարուան մէջ ԱՀ կառավարութեան կողմէ կը նախատեսուի Կարմիր շուկայ–Թաղավարդ ճանապարհի ասֆալթապատումը, ինչպէս նաեւ Շոշի եւ Սարուշէնի ներհամայնքային ճանապարհներու բարեկարգումը։

Անդրադառնալով համայնքներու զարգացմանն ու անոնց տնտեսական կեանքի աշխոյժացման՝ Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտած է, որ առաջիկային քայլեր պիտի ձեռնարկուին բնակիչներու զբաղուածութիւնն ապահովելու ուղղութեամբ։

Քննարկուած են նաեւ բերքահաւաքին վերաբերող շարք մը հարցեր։ Նախագահը յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու պատասխանատուներուն՝ բերքահաւաքի առաջիկայ աշխատանքներն անկորուստ եւ ժամանակին կազմակերպելու ու ապահովելու ուղղութեամբ։

Կարմիր շուկայ համայնքին մէջ Արայիկ Յարութիւնեանն այցելած է նոր բնակելի թաղամասի շինարարական հարթակ, ուր ծանօթացած է արագ հաւաքուող տուներու տեղադրման աշխատանքներու ընթացքին։

Նախագահին կ'ուղեկցէին ԱՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեանը, Ասկերանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Արմէն Ղահրամանեանը, Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Էդիկ Աւանեսեանը։