Արցախի որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմէն ներս պարզապէս անհնար ու անընդունելի է. Արայիկ Յարութիւնեան

2021-01-27
Image

«Թէեւ դժուար պայմաններում, սակայն շարունակելու ենք պայքարը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, իսկ որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմում պարզապէս անհնար ու անընդունելի է», – այսօր՝ Յունուար 26-ին յայտարարած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան՝ Արցախի նորաստեղծ ներքին գործոց նախարարութիւն այցելութեան ժամանակ, ուր նախարարութեան անձնակազմին ներկայացուցած է նախարար՝ Կարեն Սարգսեան:

Անդրադառնալով յետ պատերազմական իրավիճակին ու վերականգնողական աշխատանքներուն՝ ԼՂ-ի նախագահը շեշտած է, որ Արցախին դժուար ու երկար ճանապարհ կը սպասուի երկրի վերականգնման ու զօրացման ուղղութեամբ, այնպիսի երկրի, ուր բոլոր արցախցիներ ապագայ պիտի տեսնեն ապրելու եւ արարելու: