Բուք, ձիւն, մերկասառոյց, մառախուղ, փակ ճանապարհներ. Ինչ վիճակ է Հայաստանի ճանապարհներուն

2021-02-18
Image

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին մէջ կան փակ ճանապարհներ։

 

Փակ են Բերդ-Ճամբարակ ճանապարհը, Վարդենեաց լեռնանցքը (բուք է), Արագածոտնի մարզին մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն դէպի Ամբերդ ամրոց եւ դէպի Քարի լիճ տանող ճանապարհները:

Տաւուշի մարզի Դիլիջանի ոլորանները եւ Շիրակի մարզի Գիւմրի-Բաւրա ճանապարհը փակ են կցորդիչով բեռնատարներու համար, դժվարանցանելի՝ միւս փոխադրային միջոցներու համար:

Բագրատաշէն-Նոյեմբերեան ճանապարհը փակ է բեռնատարներու համար։

Դժուարանցանելի են Լոռիի մարզի Սպիտակի ոլորանները եւ Շիրակի մարզի Աշոցքի, Ամասիայի միջհամայնքային ճանապարհները։

Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու ճանապարհներուն տեղ-տեղ առկայ է մերկասառոյց։

Սարաւան-«Զանգեր» հատուածին, Արարատի, Արմաւիրի, Կոտայքի մարզերուն մէջ, Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Լոռիի մարզի Վանաձոր, Արագածոտնի մարզի Ապարան, Աշտարակ, Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ, Սեւան, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքներուն մէջ եւ Սիւնիքի մարզի «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածին մէջ (բուք) կը տեղայ ձիւն։

Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ տեղումներն առատ են, այդ իսկ պատճառով խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային։

Լոռիի մարզի Սպիտակի ոլորաններուն եւ Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ մառախուղ է։

Արագածոտնի մարզի Արագածի տարածաշրջանին մէջ, Ապարան քաղաքին եւ Շիրակի մարզի Ամասիայի եւ Աշոցքի տարածաշրջաններուն մէջ բուք է։