Գերեվարուած զինուորներու մասին տեսանիւթերէն շատերը ունին անյայտ ծագում եւ որեւէ կապ չունին Արցախի հետ. ԱԱԾ

2020-11-24
Image

Յարգելի՛ հայրենակիցներ, վերջին օրերուն համացանցի մէջ բաւականին լայն տարածում գտած են գերեվարուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձանց վերաբերեալ տեսանիւթեր, որոնք ունին անյայտ ծագում, եւ ստացուած տուեալներու համաձայն, շատ պարագաներու որեւէ կապ չունին Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԱԱԾ-ն:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է. «Օտարերկրեայ տարբեր պետութիւններում նկարահանուած, յաճախ նաեւ միտումնաւոր կերպով մոնթաժուած այդ քատրերի տարածումը հասկանալի պատճառներով խուճապ է ստեղծում հայ հանրութեան շրջանում՝ բացասաբար անդրադառնալով հասարակական տրամադրութիւնների վրայ:

Հաշուի առնելով նմանատիպ երեւոյթների առկայութիւնը՝ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յորդորում է զերծ մնալ համացանցում նմանօրինակ տեսանիւթերի տարածումից ու այս ասպարէզում եւս բացառապէս առաջնորդուել պաշտօնական տեղեկատուական աղբիւրների կողմից տրամադրուող տեղեկութիւններով»: