Դեսպան. Ֆրանսան պատրաստ է քննարկել Երեւանի կողմէ Ֆրանսային հասցէագրուած բոլոր դիմումները
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը յայտարարած է, որ Ֆրանսան պատրաստ է քննարկել Երեւանի կողմէ Ֆրանսայէն հասցէագրուած բոլոր դիմումները:
Անոր խօսքով՝ պէտք է հաշուի առնել որոշ իրողութիւններ:
«Օրինակ, Ֆրանսան եւ Հայաստանը միեւնոյն ռազմական դաշինքի անդամներ չեն: Մեր խնդիրը ապագայ պատերազմ պատրաստելը չէ: Մեր դերը նոր բախումէն խուսափիլն ու քաղաքական գործընթաց սկսիլն է, որ թոյլ կու տայ վերջնական լուծել տարածաշրջանին մէջ բոլոր խնդրայարոյց հարցերը»,-նշած է ան: