Երկրաշարժ Երեւանէն 12 քմ հարաւ-արեւելք

2021-02-17
Image

17 Փետրուարին, տեղական ժամանակով ժամը 07:26-ին (Կրինիչի ժամանակով` ժամը 03:26-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.10⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.57⁰ աշխարհագրական չափագրումներով` Հայաստան` Երեւան քաղաքէն 12 քմ հարաւ-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 2.0 ուժգնութեամբ երկրաշարժ (յետցնցում):

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԻՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: 

Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 2-3 աստիճան:

Երկրաշարժը (յետցնցում) զգացուած է Երեւան եւ Արտաշատ քաղաքներուն մէջ՝ 2 աստիճան ուժգնութեամբ: