Զոհուած աւագ ենթասպայ Հայկ Գէորգեանը երկու անչափահաս տղաներու հայր էր

2021-07-28
Image

Այս գիշեր ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած աւագ ենթասպայ Հայկ Գէորգեանը երկու անչափահաս տղաներու հայր էր։ Ան ծնած էր 1983 թուականին Գեղարքունիք մարզի Գաւառ քաղաքի Հացառատ թաղամասին մէջ։ Ան ընտանիքի միակ որդին էր, ունէր իրմէ կրտսեր քոյր։

Պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք աւագ ենթասպայ Հայկ Գէորգեանը շարունակած էր իր ծառայութիւնն արդէն որպէս սպայ։ Ան մասնակցած էր 44-օրեայ պատերազմին Քարվաճառի մէջ։

Յիշեցնենք, որ 28 Յուլիսին, ժամը 03:40-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի եւ խախտած հրադադարը հայ-ատրպէյճանական սահմանը հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ: Ըստ ՊՆ–ի հաղորդագրութեան՝ ընթացած են տեղային մարտեր: Ժամը 08։30-ի դրութեամբ, հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ 4 վիրաւոր։

Աւելի ուշ, ՊՆ–էն յայտնած են, որ ՌԴ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք է բերուած է պայմանաւորուածութիւն հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ հրադադարի ռեժիմը վերականգնելու վերաբերեալ։ Այս պահուն, նշուած պայմանաւորուածութիւնը հիմնական կը կատարուի։