Կ'ամչնամ, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը մինչեւ օրս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը. Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս

2021-04-24
Image

Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիոյ Միացեալ Թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը կոչ ըրած է Մեծ Բրիտանիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Առաջին ուղերձս շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք է հայ ժողովուրդին, որ ողջ աշխարհի համար մշտապէս եղած է ազատութեան առաջամարտիկ»,- նշած է Քարոլայն Քոքսը:

Անոր խօսքով՝ հայերը շարունակած են յանձնառու ըլլալ համամարդկային արժէքներու պահպանութեան՝ ի հեճուկս մեծ զոհաբերութեան եւ կրած հսկայական տառապանքներու, ապրելով հարեւաններու կողքին, որոնք չունին յարգանք մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հանդէպ:

«Դուք նման էք լոյսի փարոսի՝ աշխարհի շատ մութ հատուածին մէջ»,- նշած է ան:

Պարոնուհիի երկրորդ ուղերձը զայրոյթի մասին է:

«Միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ անպատիժ ձգել Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, որոնք կը շարունակեն ոտնահարել մարդու իրաւունքները, կը կազմակերպեն կոտորածներ»,- յայտարարած է ան:

Քոքսը խօսած է երեք ցեղասպանութիւններու մասին՝ նշելով, որ առաջինը տեղի ունեցաւ 1915 թվականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, իսկ միւս երկուքն իրականացուեցան Արցախի դէմ՝ 1990-1994 թուականներուն եւ 2020 թուականի վերջին պատերազմի ժամանակ:

«Վերջին պատերազմը լի էր պատերազմական յանցագործութիւններով: «Genocide Watch» անկախ միջազգային կազմակերպութիւնը բնորոշեց վերջին պատերազմը որպէս ցեղասպանութիւն»,- նշած է ան՝ ընդգծելով, որ մինչ բոլորը կ'ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը, աշխարհի մէջ մինչեւ օրս կը շարունակեն նոր ցեղասպանութիւններ իրականացուիլ: «Ես կրկին ու կրկին կոչ կ'ընեմ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը: Ես կ'ամչնամ, որ այն մինչ օրս տեղի չէ ունեցած»,- ընդգծած է պարոնուհին:

Ան գոհունակութեամբ փաստած է, որ Միացեալ Թագաւորութեան մաս կազմող Ուելսն արդէն իսկ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելին, Ուելսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան:

«Իմ երրորդ ուղերձը սիրոյ եւ մտերմութեան մասին է: Ես պատիւ ունեցած եմ 85 անգամ այցելելու ձեր երկիր: Այս այցելութիւններէն շատերը տեղի ունեցած են Արցախեան նախորդ պատերազմի ժամանակ: Գործընկերոջս՝ Տեյվիտ Թոմասի հետ այցելեցի նաեւ վերջին պատերազմի ժամանակ: Մենք մշտապէս ետ կը վերադառնանք՝ հիացած ձեր ժողովուրդով, ձեր քաջութեամբ, ձեր հիւրընկալութեամբ, մշակոյթով, ժողովրդավարութեան հանդէպ ձեր յանձնառութեամբ: Դժուար է մտաբերել համեմատական նոյն չափն ունեցող մէկ այլ երկիր, որ նմանօրինակ ներդրում բերած է համամարդկային քաղաքակրթութեան մէջ արուեստի, մշակոյթի, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Կը խոստանամ, որ մենք մշտապէս կ'ըլլանք ձեր կողքին: Կ'ընենք հնարաւոր ամէն բան՝ հասնելու արդարութեան, որուն արժանի էք»,- եզրափակած է պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը: