Կայացած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի հեռախօսազրոյցը

2020-12-01
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուսթինի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Պարոն Միշուսթինը տեղեկացուցած է, որ ելլելով համաճարակային իրավիճակէն, դիմած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին՝ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որ 4 դեկտեմբերին պէտք է կայանար Մոսկուայի մէջ, իրականացուի հեռահար եղանակով:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր: