Հակամարտութեան մակարդակը իրականութեան մէջ աճած է շատ առումներով. Պոլթըն

2020-08-11
Image

Հակամարտութեան մակարդակը իրականութեան մէջ աճած է շատ առումներով․ այն կորուստ է երկու ժողովուրդներու, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար։ Այս մասին, ըստ 168.am-ին, «Արմնիւզ»ի եթերին, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընը։

Ճոն Պոլթընը պարզաբանած է՝ ինչ նկատի ունէր, երբ Հայաստան այցի ժամանակ յայտարարած էր, թէ ՀՀ վարչապետը հիանալի դիրքերու վրայ է նաեւ ԼՂ հարցով վճռական որոշում կայացնելու համար:

«Ես ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ ապրելու փաստը կ'արձանագրէի, երբ երկրի նոր ղեկավարը պաշտօն կը ստանձնէ։ Այն ժամանակահատուած է՝ տեսնելու, թէ միջազգային հակամարտութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք փակուղիի մէջ են, արդեօք հնարաւորութիւն ունին փակուղիէն դուրս գալու։ Նախնական հանդիպումներու ժամանակ յուսադրող նշաններ եղան, իմ այցէն ետք մէկ տարուան ընթացքին սակայն այդպէս չընթացաւ եւ հակամարտութեան մակարդակը իրականութեան մէջ աճած է շատ առումներով։ Կը կարծեմ՝ այդ կորուստ է երկու ժողովուրդներու, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար», – ըսած է ամերիկացի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Պոլթընն ասած է, թէ կը հասկնայ, որ հակամարտութեան լուծումը բարդ է:

«Ես Կովկասը կը համարեմ առանցքային ոչ միայն այնտեղ ապրողներու համար, այլեւ ԱՄՆ-ի եւ ամբողջ աշխարհի համար։ Սա իրականութեան մէջ շատ վտանգաւոր միջավայր է ձեր մի քանի հարեւաններուն պատճառով։ Կ'ուզէի, որ այս հարցին ԱՄՆ-ն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնէր։ Կ'ուզէի, որ մենք աւելի օգտակար ըլլայինք, բայց այնտեղ երեք փոքր երկիրներ են՝ շրջապատուած մէկ մեծ երկրով եւ երկու խնդրայարոյց երկիրներով հարաւէն։ Կը կարծեմ, որ դուրսէն ԱՄՆ-ի ներկայութիւնը կ'աւելցնէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, քանի որ մենք սահմանափակուած չենք աշխարհագրական առումով», – ըսած է ան։