Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 40 794-ի

2020-08-12
Image

Հայաստանի մէջ, 12 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 40 794 դէպք, որոնցմէ 33 492-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 262 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 179 032 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 201 նոր դէպք եւ  335 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 806):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  59, 60 տարեկան տղամարդիկ եւ 64 տարեկան կին։ Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է նաեւ 234 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։