Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 152-ի

2020-09-09
Image

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 9 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 199 նոր դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 45 152-ի, որոնցմէ բուժուած է 41 023 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 2 945 հիւանդ:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 905-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 2 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն 431-ն է։