Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 969-ի

2020-09-14
Image

14 սեպտեմբերին ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան ընդհանուր 45969 պարագայ, որոնցմէ 41693-ը` առողջացած, 919-ը` մահացած:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3075 հիւանդ:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 240 943 հետազօտութիւն:

Այսպիսով` երէկ կատարուած է 2631 հետազօտութիւն, որմէ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 107 նոր պարագայ: Կան 34 առողջացած: