Հայաստանի մէջ եղբայրութեան մթնոլորտ պէտք է ըլլայ. Փաշինեանը կոչ կ'ընէ բացառելու միջադէպերը

2021-02-25
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կոչ կ'ընէ պայմանաւորուելու, որ իր հրաւիրած հաւաքի շրջածիրէն ներս բախումներ պիտի չըլլան, բոլորը պիտի ցուցաբերեն զսպուածութիւն: Փաշինեանն այս մասին ըսած է կառավարութեան շէնքի դիմաց լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան, ինչպէս նաեւ բարձրախօսով ազդարարելով հաւաքուածներուն:  

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք բախումներու վտանգ կը տեսնէ՞՝ վարչապետն ըսած է. «Վտանգը միշտ էլ կայ, լարուած է: Բայց մենք բոլորս պէտք է պայմանաւորուենք, որ նման բան ՀՀ-ում տեղի չի ունենալու: Ամենակարեւորը, որ հանդարտ ենք բոլորս, մենք Հայաստանի ներսում թշնամի չունենք, սա ամենակարեւոր արձանագրումն է: Բայց հարցեր կան, որոնք պէտք է քննարկել անպայման, եւ այդ հարցերի քննարկումն է մեր այսօրուայ հաւաքի նպատակը»,-ըսած է ան:

Հարցին, թէ Զինուած ուժերը որո՞ւն կ'ենթարկուին այս պահուն՝ վարչապետն ըսած է, որ ԶՈՒ-ն կ'ենթարկուի ՀՀ ժողովուրդին, վարչապետին, այլ տարբերակ չկայ:

Անդրադառնալով հարցին, թէ յեղաշրջման վտանգն աւարտա՞ծ է, թէ կայ՝ Փաշինեանն ըսած է՝ կը կարծէ, որ յեղաշրջման վտանգը մեծ հաշուով կառավարելի է: «Ես կարծում եմ, որ դա յուզական արձագանգ է: Եւ մեր եղբայրներին չպէտք է խիստ վերաբերուենք, ուղղակի ներքաշել են մեր ընկերներից ոմանց, բայց նոյնիսկ նրանց, ում աշխատանքից ազատելու որոշում կայացրել եմ, բոլորն իմ եղբայրներն են, մեր եղբայրներն են, հայրենիքի զինուորներն են, այնպէս որ հանգիստ եղէք»,-ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը շեշտած է, որ չի կրնար տեղի ունենալ որեւէ այլ բան, այլ միջադէպ այլ իրավիճակ: «ՀՀ-ում եղբայրութեան մթնոլորտ պէտք է լինի, ինչը չի նշանակում, որ քաղաքական բանավէճ չի լինելու եւ խօսակցութիւն տեղի չի ունենալու»,-ըսած է ան ու կոչ ըրած, որ ոչ մի միջադէպ պիտի չգրանցուի:

Անդրադառնալով այլ հարցերու՝ ան նշած է՝ վստահ չէ, որ իր հրաժարականը հարցի լուծում կրնայ ըլլալ: «Ես մի քանի առաջարկներ ներկայացրել եմ, ցաւօք մերժել են: Կարծում եմ, որ ժողովրդի իշխանութիւնը պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի»,-ըսած է Փաշինեանն ու խոստացած աւելի մանրամասն խօսած է ժամը 16:00-ին:

Վարչապետը կը քալէ Երեւանի Կեդրոնի փողոցներով՝ նշելով, որ ժամը 16:00-ին Հրապարակին մէջ պիտի բացատրէ խնդրի էութիւնը, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Փաշինեանի կողքին է նաեւ որդին՝ Աշոտ Փաշինեանը: Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ չի կրնար բախում ըլլալ: