Հայաստան այլեւս պէտք չէ անտեսուի գինիի սիրահարներու կողմէ. Forbes

2022-11-25
Image

Ամերիկեան նշանաւոր ճամբորդական հարցերու լրագրող Պրիաննա Ուիլսըն Forbes-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածով ներկայացուցած է հայկական խոհանոցի մասին իր տպաւորութիւնները:

«Հայկական խոհանոցը կ՛առանձնանայ իր բազմազանութեամբ: Անիկա ոչ միայն հարուստ է համերով, այլեւ ունի հարուստ պատմութիւն: Պարզութեամբ ներկայացուած ճաշատեսակները եւ մանաւանդ գինիի աւանդոյթները, որոնք աշխարհի առաջիններէն են, կարելի է հասկնալ միայն երկիրը այցելելէ ետք: Ասիկա Հայաստանը կը դարձնէ վայր մը, որ այլեւս պէտք չէ անտեսուի, յատկապէս գինիգէտներու եւ գինիի սիրահարներու ու գիտակներու կողմէ», ըստ Panorama.am-ի՝ կը նշուի յօդուածին մէջ:

1

Բայց հայկական խոհանոցէն ի՞նչը գրաւած է ճանապարհորդին ուշադրութիւնը: ««Պայթուցիկ համը» կը զգաս ամէն պատառէ: Խաշէն մինչեւ հորած պանիր, իւրաքանչիւր նոյնիսկ ամէնէն պարզ կերակրատեսակի ետին աւանդոյթ կամ պատմութիւն կայ պահուած», կը գրէ նիւթին հեղինակը:

Ըստ անոր՝ Երեւանի տեղական ճաշարաններ եւ սրճարաններ այցելելը մակերեսային պատկերացում կու տայ հայկական խոհանոցին մասին: Հայկական խոհանոցը ուսումնասիրելու լաւագոյն միջոցը հայ ժողովուրդի ժառանգութիւնը եւ աւանդոյթները պահպանող մարդոց հետ շփուիլն է: