Հայ–թրքական պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու քննարկումները պիտի շարունակուին. ԱԳՆ

2022-12-02
Image

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ՝ Իպրահիմ Քալընի այն յայտարարութիւնը, որ նոյեմբերի սկիզբը, սահմանին տեղի ունեցած է հայ-թրքական տեխնիկական պատուիրակութիւններու հանդիպում:

ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը «Արմէնփրէսի» հետ զրոյցին յայտնած է, որ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը այդ հանդիպման վերաբերեալ տեղեկութիւնը հանրայնացուցած է դեռեւս նոյեմբերի սկիզբը:

Ռուբինեանի խօսքով` հանդիպման հայկական կողմէն ներգրաւուած եղած են այն գերատեսչութիւնները, որոնք պէտք է կեանքի կոչեն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներու 1 յուլիսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

«Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կիրարկմանը վերաբերող տեխնիկական հարցեր: Քննարկումները շարունակուելու են»,- ըսաւ Յունանեանը: