Հատրութ քաղաքի մէջ առնուազն 3-4 հայ մնացած է․ վարչակազմի ղեկավար

2020-11-20
Image

Ատրպէյճիներու կողմէ Հատրութ քաղաքը վերցնելու պահուն քաղաքին մէջ առնուազն 3-4 հայ մնացած է։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է Հատրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կամօ  Պետրոսեանը։

«Երբ 10 հոկտեմբերին վարձկանները մէկանգամէն մտան, ինչքան հնարաւոր է՝ մարդոց հանեցինք, բայց Հատրութի վերի մասին մէջ մնացած են նախնական տուեալով 3-4 հոգի։ Առ այսօր տեղեկութիւն չկայ անոնց մասին՝ զոհուած են, թէ գերեվարուած»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ քաղաքացիներ մնացած են նաեւ գիւղերուն մէջ, սակայն դեռ կը ճշդուի, թէ քանի քաղաքացիի մասին է խօսքը։

Հատրութը ամբողջութեամբ թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած է 12 հոկտեմբերին։ Ներթափանցողներու առաջին խումբը քաղաք մտած է 10 հոկտեմբերին վերի հատուածէն։ 

«Վարչակազմին մէջ կ'աշխատէինք աշխատողներով, զէնքեր ալ ունէինք։ Լուր ստացանք, Վարդաշատ գիւղէն մեր տղաներէն մէկը ըսաւ՝ վերէն զօրքով կու գան եւ շատ են՝ 250-300 հոգի։ Գացինք մենք վարչակազմով, քանի մը փողոց ներքեւ իրենց դէմը փակեցինք քանի մը հոգիով, չկրցան առաջ շարժիլ։ Ես ալ այդտեղ վիրաւորուեցայ։ Յետոյ չէին կենար, ետեւէն ահագին կու գային։ Խնդիրն այն էր, որ Հատրութի մէջ  պաշտպանութեան գիծ չկար, տեղացի տարբեր ստոբաժանումներ կային»,- պատմած է Հայկ Պետրոսեանը՝ նշելով, որ  մինչեւ պատերազմի վերջին օրերուն ալ Հատրութցիները տարբեր դիրքերու վրայ կռիւ տուած են։  

Ընդհանուր առմամբ Հատրութի շրջանէն 45 գիւղ անցած է թշնամիին եւ Հատրութ քաղաքը։ 13 500 քաղաքացի մնացած է անտուն։ Հայկ Պետրոսեանը յիշած է, որ մարդոցմէ շատերը Հատրութը լքելու ժամանակ չեն հասած անգամ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները վերցնել իրենց հետ։

«Մարդ կայ իր վրայ եղած հագուստով դուրս եկած է, ձեւով մը գացած է։ Բոլորը են որ առաջին անհրաժեշտութեան իրերը կրցած են տանիլ իրենց հետ։ Մեծամասամբ յոյսով էինք, որ կը պահէինք քաղաքը»,-ըսած է ան։

Հայկ Պետրոսեանի խօսքով՝ հատրութցիներու ցանկութիւնը իրենց հայրենի քաղաք վերադառնալն է։

«Մենք մեզի միայն Հատրութի մէջ կը տեսնենք Բոլորս յոյսով ենք, այդ շարքին՝ ես ալ, որ պէտք է վերադառնանք»,-ըսած է ան։

Հատրութցիներու գրանցման համար կեդրոններ բացուած են Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ: