Հրաժարիլ Իտալիա այցելելէ. Հռոմի մէջ ՀՀ դեսպանատան յորդորը

2020-03-10
Image

Հաշուի առնելով նոր տիպի «քորոնա» ժահրի (COVID-19) վարակի տարածման ներկայ իրավիճակը՝ կը յորդորենք ՀՀ քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափիլ Իտալիա այցելութենէն, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ դէպքերու: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

«Յարգելի հայրենակիցներ,

Հաշուի առնելով նոր տիպի «քորոնա» ժահրի (COVID-19) վարակի տարածման ներկայ իրավիճակը՝ կը յորդորենք ՀՀ քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափիլ Իտալիա այցելութենէ, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ դէպքերու:

Իտալիա գտնուելու կամ այցելելու պարագային կը յորդորենք հետեւիլ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ Իտալիոյ համապատասխան իշխանութիւններու ցուցումներուն եւ խորհուրդներուն։ Միաժամանակ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւս մէկ անգամ կոչ կ'ընէ բոլոր այն ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնք դեռ չեն տրամադրած իրենց տուեալները, կապ հաստատել դեսպանութեան հետ՝ ուղարկելով իրենց տուեալները (անուն, ազգանուն, բնակութեան վայր (նահանգ, քաղաք, հասցէ, հեռախօսահամար) հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին՝ [email protected]:

Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ նման տեղեկատւութեան տրամադրումը որեւէ պարտաւորութիւն չառաջացներ։ Դեսպանութեան մէջ գործող թէժ գիծի հեռախօսահամար՝ +393775226710 ել. հասցէ՝ [email protected]»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: