Մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը Հայաստանէն Լիբանան մեկնեցաւ

2020-08-12
Image

Հայաստանի Հանրապետութենէն Լիբանանի կառավարութեան ուղղուած մարդասիրական օգնութեան պարագաներով երրորդ օդանաւը մեկնեցաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը, նշելով, որ Լիբանան ուղարկուող աւելի քան 12 թոն մարդասիրական օգնութիւնը կ՝ընդգրկէ սնունդ, հիւսուածքեղէն, համակարգչային սարքեր եւ դեղորայք:

Լիբանան ուղարկուող օգնութեան պարագաները ընտրուած են, ըստ ընդունող կողմին ներկայացուցած կարիքներուն:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանէն առաջին թռիչքը կայացած էր 8 Օգոստոսին, երկրորդը՝ 9 Օգոստոսին` Արցախի ժողովուրդին անունով: Օդանաւերը Լիբանան տեղափոխած էին մարդասիրական օգնութիւն, որ պարունակած է դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ, նախատեսուած 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տալու համար: