Մաքրոն. Ատրպէյճան պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը Հայաստանէն

2021-06-01
Image

Հայաստանը բախած է անվտանգութեան ճգնաժամի, իսկ Ֆրանսան հաստատակամ է, որ խաղաղութիւն հաստատուի տարածաշրջանին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը Փարիզէն, այս մասին նշած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն առաջ՝ համատեղ ելոյթի ժամանակ՝ նկատելով՝ 9 Նոյեմբեր 2020֊ի հրադադարի յայտարարութենէն ի վեր, եթէ նոյնիսկ, ընդհանուր առմամբ, հրադադարը կը պահպանուի, այնուամենայնիւ՝ ընելիքները շատ են։

«Ֆրանսան պատրաստ է օգնել այս հարցով, առաջին հերթին խօսքս կը վերաբերի ռազմագերիներու եւ միւս բանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ տարածքներու ականազերծման։ Նաեւ շատ կարեւոր հարց է ժառանգութեան պահպանութիւնը ԼՂ-ի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ։ Թէ քրիստոնէական, թէ իսլամական ժառանգութիւնը պէտք է անպայման պահպանուի։ Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, Ֆրանսայի պարտքն է ամէն ինչ ընել, որ կողմերը հասնին ապաթէժացման եւ հաստատեն երկխօսութիւն»,֊ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։

Էմանուէլ Մաքրոնն ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատում պէտք է իրականացուի բացառապէս երկխօսութեան միջոցով եւ ոչ մէկ պարագայի պէտք է դիմել ուժի։ «Ատրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս գան ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն եւ կոչ կ'ընեմ կողմերուն վերադառնալու 11 Մայիսի դրութեամբ եղած դիրքեր»,֊ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։ Ֆրանսան պիտի փորձէ աջակցիլ երկխօսութեան հաստատման հարցով։

Էմանուէլ Մաքրոնն ընդգծած է՝ այս դժուար իրավիճակին մէջ, որուն մէջ յայտնուած է Հայաստանը, Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է ինչպէս միշտ։

Երկու երկիրներու ղեկավարներու օրակարգին մէջ նաեւ տնտեսական համագործակցութեան հարցեր են՝ նախանշելով տարբեր ուղղութիւններ, Հայաստանի ենթակառուցուածքներու զարգացման հարցով համագործակցութիւն եւ այլն:

«Այս դժուարին ժամանակներուն Ֆրանսան հաստատակամ է, որ խաղաղութիւն հաստատուի տարածաշրջանին մէջ»,-աւելցուցած է Էմանուէլ Մաքրոնը։