Մենք անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման. Փեսքով

2021-02-25
Image

Քրեմլի մէջ անհանգստութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, բայց տեղի ունեցողը կը համարեն Կովկասի մէջ Ռուսաստանի կարեւոր եւ մտերիմ դաշնակից երկրի ներքին գործը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, վկակայոկոչելով ՌԻԱ նովոստին, այս մասին ըսած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:

«Մենք անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման: Մենք այդ կը համարենք Հայաստանի՝ Կովկասի մէջ մեր շատ կարեւոր եւ մտերիմ դաշնակիցի ներքին գործը»,- ըսած է Փեսքով: