Մուշեղ Մուրատեանը՝ Շիրակի նոր մարզպետ

2023-01-26
Image

ՀՀ Կառավարութիւնը այսօրուան՝ 26 յունուարի, նիստի օրակարգին մէջ եղած են Նազելի Պաղտասարեանը Շիրակի մարզպետի պաշտօնէն ազատելու եւ նոր մարզպետ նշանակելու հարցերը։

Կառավարութեան նիստի օրակարգէն կը տեղեկանանք, որ մարզպետ պիտի նշանակուի Մուշեղ Մուրատեանը։

Ան երկար տարիներ զբաղցուցած է Շիրակի մարզպետարանի հաշուեքննութեան բաժնի պետի պաշտօնը։

Յիշեցնենք, որ Շիրակի մարզպետ Նազելի Պաղտասարեանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր։