ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ Անդրանիկ Քոչարեանը

2021-10-05
Image

5 Հոկտեմբերին կայացած է ՀՀ Ազգային ժողովի խորհուրդի արտահերթ նիստ, որ վարած է խորհրդարանի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը:

ԱԺ խորհուրդը քննարկած եւ հաստատած է ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազգային ժողովի ութերորդ գումարման պատուիրակութեան կազմը, որ պիտի ղեկավարէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԺ կայքը: