Նաղդալեան ծանր պատասխան մը տուած է Անգարային

2020-08-12
Image

Հայաստանի մէջ Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի հարիւրամեակի յիշատակման առնչութեամբ, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի յայտարարութիւնը անգամ մը եւս  կու տայ «այդ երկրի անկարողութիւնը` առերեսուելու իր անցեալին հետ», իր մեկնաբանութեան մէջ նշած է Հայաստանի ԱԳՆ խօսնակ՝ Աննա Նաղդալեան:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` զարմանքի արժանի է, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, որ «առիթը չի կորսնցներ արժեւորելու Օսմանեան ժառանգութիւնը՝ այդօրինակ նեարդային արձագանգ կը ցուցաբերէ նոյն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ շարք մը պետութիւններու` ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կնքուած Սեւրի պայմանագրի յիշատակումէն»:

Աննա Նաղդալեան կը շեշտէ, որ Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը եղած է, կայ եւ պիտի շարունակէ մնալ պատմական փաստ, որ հնարաւոր չէ վերախմբագրել կամ ջնջել:

«Թուրքիան, խուսափելով առերեսուելու իր անցեալին հետ եւ ուրիշներուն կոչ ընելով «պատմութենէն թշնամանքի փոխարէն դասեր քաղելու», կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու եւ հայ ժողովուրդին նոր ոճրագործութիւններով սպառնալու աւանդական քաղաքականութիւնը: Թուրքիոյ կողմէ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խաթարման ուղղուած քայլերը, Հայաստանի հանդէպ որդեգրած ռազմատենչ կեցուածքը հարեւան տարածաշրջանները ապակայունացնելու Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան ծաւալապաշտական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն: Միայն այդ քաղաքականութեան վերանայումը եւ Թուրքիոյ կողմէ անցեալին հետ առերեսուելու կարողութիւնը ճանապարհ պիտի հարթեն մեր տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտութեան համար»,- յայտնած է Նաղդալեան թրքական կառավարութաեան յայտրարութեան իր անդրադարձին մէջ: