Պարոնուհի Քոքս այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

2020-11-14
Image

Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիայի Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը 12 նոյեմբերին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելով զոհերու յիշատակին:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկէն կը տեղեկացնեն, որ պարոնուհիին դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը: Պարոնուհին շրջայց կատարած է Յիշողութեան պուրակին մէջ եւ ջրած է իր տնկած եղեւնին: