Պաքուն կը դատէ Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը

2021-06-08
Image

Գերեվարուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը կը դատեն Պաքուի մէջ:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ՝ դատաւոր Էլպէյ Ալլահվերտիեւի նախագահութեամբ: «Դատախազը պիտի կարդայ մեղադրական եզրակացութիւնը, իսկ ամբաստանեալը ցուցմունք պիտի տայ»,- յայտնած են լրատուամիջոցները:

Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Իւլճէքեանը (1979-ի ծնունդ) կը մեղադրուի որպէս վարձկան ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու մէջ: Մեղադրանքին հիմք հանդիսացած է անոր քաղաքացիութիւնը:

Մինչդեռ Պաքուն լաւ գիտէ, որ հայկական սփիւռքի բազմաթիւ որդիներ ինչպէս Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած երկրորդ, այնպէս ալ առաջին պատերազմի ընթացքին օգնութեան շատպած են իրենց պատմական հայրենիքին: Անոնց որպէս «վարձկաններ» ներկայացնելը առնուազն յիմարութիւն է:

Բացի Վիգէնէն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դատական ​​ֆարս սկսած են եւս մի քանի տասնեակ գերեվարուած հայերու դէմ՝ ծիծաղելի մեղադրանքներ ներկայացնելով: