Ջրականի (Ճապրայիլ) շրջանին մէջ յայտնաբերուած է եւս մէկ հայ զինծառայողի աճիւն

2021-04-20
Image

Ջրականի (Ճապրայիլ) շրջանին մէջ իրականացուած որոնումներու ընթացքին, Արցախի փրկարարները յայտնաբերած եւ տարհանած են եւս մէկ հայ զինծառայողի աճիւն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։

Անոր ինքնութիւնը պարզելու նպատակով կը նշանակուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։

Այսպիսով, ռազմագործողութիւններու դադարէն ետք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներէն յայտնաբերուած կամ ատրպէյճանական կողմէն փոխանցուած զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններու ընդհանուր թիւը դարձաւ 1544։