Սեւրի պայմանագիրը պատմական փաստ Է, մեր պարտքն է յիշել զայն, եւ պահպանել անոր խորհուրդը. ՀՀ Վարչապետ

2020-08-10
Image

Երեւանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ սկիզբ առած է «Սեւրի պայմանագիրը եւ հայկական հարցը» խորագիրով գիտաժողովը՝ նուիրուած Սեւրի պայմանագրի 100-ամեակին: Գիտաժողովի մասնակիցներուն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղղած էր իր ողջոյնի խօսքը, որ ընթերցեց ԳԱԱ փոխնախագահ, ակադեմիկոս Եուրի Շուքուրեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը։

«Կ՝ողջունեմ Սեւրի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեայ տարեդարձին նուիրուած գիտաժողովի բոլոր մասնակիցները: Իմ խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ այս կարեւորագոյն ձեռնարկը նախաձեռնելու համար: Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը նշանակալից տեղ կը զբաղցնէ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Պատահական չէ, որ անիկա կը շարունակէ մնալ գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծութիւններու առարկայ: Ուստի յոյժ կարեւոր է, որ մէկ դար առաջ կնքուած այդ փաստաթուղթի, անոր նախորդած իրադարձութիւններու եւ յաջորդած զարգացումներու մասին մեր գիտնականներու անկողմնակալ վերլուծութիւնները հասանելի ըլլան թէ՛ մեր ժողովուրդին եւ թէ՛ միջազգային լայն հանրութեան: Այսօրուան գիտաժողովը կը ծառայէ նոյն այդ նպատակին, եւ ես յաջողութիւն կը մաղթեմ անոր աշխատանքներուն՝ բոլորին մաղթելով արգասաբեր քննարկումներ եւ նոր կարեւոր բացայայտումներ»,- նշած է ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Սեւրի պայմանագիրը պատմական փաստ է: Անիկա կը մնայ այդպէս մինչեւ այսօր:

«Ինչո՞վ է այդ փաստաթուղթը հայ ժողովուրդի համար կարեւոր: Ինչո՞ւ անիկա առ այսօր մեր ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի: Նախ՝ Սեւրի պայմանագիրը կնքուեցաւ մարդկութեան պատմութեան ամենադրամատիկ էջերէն մէկուն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի արդիւնքներուն հիման վրայ, անոր աւարտէն շուրջ երկու տարի անց: Ինչպէս Վերսալի պայմանագիրը խաղաղութիւն կը հաստատէր Եւրոպայի մէջ, այնպէս ալ Սեւրի պայմանագիրը՝ Օսմանեան կայսրութեան նախապէս պատկանող Առաջաւոր Ասիոյ տարածքներուն մէջ: Անիկա վերջ կը դնէր պատերազմի պատճառով այդ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն կրած տառապանքներուն եւ զրկանքներուն: Անիկա «անիծեալ տարիներ»ուն աւարտը կ՝ազդարարէր: Ինչպէս Վերսալի պայմանագիրը Եւրոպայի մէջ, այնպէս ալ Սեւրի պայմանագիրը միջպետական յարաբերութիւններու նոր համակարգ կը ձեւաւորէր տարածաշրջանին մէջ: Անիկա նոր սկզբունքներ ու արժէքներ կը ներմուծէր, ոչ միայն խաղաղութիւն, այլ  նաեւ արդարութիւն կը հաստատէր Առաջաւոր Ասիոյ մէջ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ պայմանագիրը կազմուած էր ժամանակի ամենաառաջադէմ գաղափարներու հիման վրայ: Անոր խօսքով՝ առանցքայինը այնտեղ ազգերու ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքն էր: Անիկա վերջ կը դնէր կայսրութիւններու պարտադրած դարաւոր ստրկութեան եւ ազատութիւն ու անկախութիւն կը պարգեւէր տարածաշրջանի ժողովուրդներուն:

«Աւելին, պատմական տարածքներու մէջ ազգային պետութիւններ հիմնելու իրաւունք տրամադրելով, անիկա բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէր տարածաշրջանին մէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու համակեցութեան, խաղաղ գոյակցութեան եւ տարածաշրջանի քաղաքակրթական բազմազանութեան պահպանման եւ յետագայ զարգացման համար: Երկրորդ՝ Սեւրի պայմանագիրը միջազգային այն փաստաթուղթն է, որ ճանչցաւ եւ ամրագրեց Հայաստանի անկախութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս կու գար իբրեւ այդ պայմանագրի իրաւահաւասար կողմ: Անկախութեան կորուստէն դարեր անց՝ Հայաստանի իշխանութիւնները, առաջին անգամ, աշխարհի մեծ տէրութիւններուն հետ մէկտեղ, կը կնքէին միջազգային պայմանագիր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պայմանագրին մէջ նախանշուած սահմաններուն մէջ կը ճանչցուէր իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու լիիրաւ անդամ եւ միջազգային իրաւունքի իրաւահաւասար մաս»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ պայմանագրի կողմ հանդիսանալու միջոցով ճանաչում կը ստանար նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներդրումը՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին դաշնակից պետութիւններու կրած յաղթանակի եւ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Կ՝ընդգծուի եւ յաւուր պատշաճի կը գնահատուէր հայ ժողովուրդի դերակատարումը միջազգային յարաբերութիւններու եւ աշխարհի յետպատերազմեան կառավարման գործին մէջ: 

«Երրորդ՝ Սեւրի պայմանագիրը իր 89-րդ յօդուածով կը փաստէր եւ կ՝ամրագրէր հայ ժողովուրդի պատմական անվիճելի առնչութիւնը Հայկական լեռնաշխարհի հետ, ուր հազարամեակներ ի վեր ծնած, ապրած եւ պետականութիւն ու մշակոյթ կերտած էր հայ ժողովուրդը: Եւ վերջապէս, Սեւրի պայմանագիրը կնքուեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի տարիներուն յաջորդած ժամանակաշրջանին: Հայ ժողովուրդը ենթարկուած էր ամենադաժան եւ անմարդկային տառապանքներու: Հսկայական էին անոր կրած կորուստները: Մինչդեռ Սեւրի պայմանագիրը ճանապարհ կը հարթէր ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար: Հայ ժողովուրդի պատմական բնօրրանին մէջ, անկախ պետականութեան ստեղծման միջոցով, արդարացի լուծում կը ստանար հայկական հարցը, կը վերականգնուէր պատմական արդարութիւնը, բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուէին մեր ժողովուրդի տնտեսական եւ ժողովրդագրական ներուժի վերականգնման, անոր բնականոն զարգացման եւ առաջընթացին համար: Թէեւ Սեւրի պայմանագիրը այդպէս ալ կեանքի չկոչուեցաւ, անիկա կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ իբրեւ պատմական փաստ, մեր պարտքն է յիշել զայն, գիտակցիլ եւ պահպանել անոր խորհուրդը»,- իր խօսքը եզրափակած է Նիկոլ Փաշինեան: