Ստեփանակերտի բնակելի տան ուղղութեամբ հակառակորդը կրակոց արձակած է, կրակոցներ եղած են նաեւ Շոշի եւ Մխիթարաշէնի ուղղութեամբ
Ստեփանակերտի մէջ բնակելի տան վրայ հակառակորդը 20 ապրիլին, ժամը 15:00-ի սահմաններուն, կրակոց արձակած է:
«Հետք»-ի հաղորդմամբ՝ կրակոցներ եղած են նաեւ Մխիթարաշէն եւ Շոշ գիւղերու ուղղութեամբ:
Ստեփանակերտի Վ. Վաղարշեան 13/46 հասցէին վրայ գտնուող տան տանիքը ծակած է:
Տան բնակիչի խօսքով` ռուս խաղաղապահներն ու ոստիկանութեան աշխատակիցներն այցելած են ընտանիքին, վերջիններս իրենց հետ տարած են նաեւ փամփուշտը:
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Շոշի գիւղապետ Էրիկ Աբրահամեանը հաստատած է տեղեկութիւնը որ երէկ` ժամը 15:00-ի սահմաններուն, երկու գիւղերուն մէջ՝ Մխիթարաշէն ու Շոշ, կրակոցներ լսուած են մօտ 15-20 վայրկեան տեւողութեամբ:
Արցախի ԱԻՊԾ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը նշած է, որ Ստեփանակերտի Վաղարշեան հասցէի ուղղութեամբ արձակուած կրակոցի դէպքով կը տարուի քննութիւն, այցելած են ոստիկանութեան ու ԱԻՊԾ աշխատակիցները: Անոր խօսքով, վաղը՝ 22 ապրիլին, ոստիկանութիւնը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ: