Վաղարշակ Յարութիւնեանը նշանակուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար

2020-11-20
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է Վաղարշակ Յարութիւնեանը պաշտպանութեան նախարար նշանակելու մասին: Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Վաղարշակ Յարութիւնեանը նշանակել պաշտպանութեան նախարար»,- ըսուած է հրամանագրին մէջ:

Նախագահի մէկ այլ հրամանագրով Դաւիթ Տօնոյեանը ազատուած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն: