Վարչապետ Փաշինեան եւ ԱՀ նախագահ Յարութիւնեան քննարկած են պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարմանն ուղղուած աշխատանքներու ընթացքը

2021-09-27
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները քննարկած են Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարմանն ուղղուած աշխատանքներու ընթացքը:

Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու Հայրենիք վերադարձի ապահովման, անվտանգային խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ բնականոն կեանքի ապահովման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ բնակարանաշինութեան ընթացքին:

Երկուստեք ընդգծուած է, որ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւնները պիտի ներդնեն բոլոր ջանքերը՝ յանուն Արցախի վերածնունդի եւ հետագայ զարգացման, որ պիտի ըլլայ 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հերոս հայորդիներու գործի արժանի շարունակութիւնը: