Վլատիմիր Փութին եւ Շառլ Միշել քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ

2021-06-08
Image

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Եւրոպայի խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշելը հեռախօսով քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

«Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ առկայ իրավիճակը՝ հաշուի առնելով Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի յայտարարութիւններու հետագայ հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը:

Առաջնային խնդիրներէն նշուած են տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակումը, բնակչութեան մարդասիրական խնդիրներու լուծումը:

Շառլ Միշելը աջակցութիւն յայտնած է կատարուող աշխատանքներուն, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի (Ռուսաստան, ԱՄՆ, Ֆրանսա) համանախագահներու գծով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: