Յակոբ Մկրտչեան Թայլանտի մէջ ախոյեան հանդիսացաւ

2019-09-24
Image

Հայազգի Յակոբ Մկրտչեան դարձած է  ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան։

Եկեր էի Թայլանտ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսի ետեւէն։ Այս մասին NEWS.am Sport-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ծանրամարտի աշխարհի նորընծայ ախոյեան, այս տարուայ Եւրոպայի ախոյեան Յակոբ Մկրտչեանը։

Թայլանտի Պաթայա քաղաքին մէջ ընթացող ծանրամարտի աշխարհի առաջնութեան, 23 սեպտեմբերին, 89 քկ քաշայիններրու պայքարին Յակոբ Մկրտչեանը երկամարտի 375 քկ արդիւնքով հռչակուած է աշխարհի ախոյեան։

«Շնորհակալ եմ բոլորին շնորհաւորանքներու համար։ Սպասումները շատ մեծ էին այս աշխարհի առաջնութենէն։ Եկեր էի այստեղ յաղթելու համար, աշխարհի ախոյեան դառնալու համար։ Անցած տարուան սխալս շտկեցի լրիւ»,- ըսած է Յակոբ Մկրտչեանը։