Սիմոն Մարտիրոսեանը Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան է

2019-10-28
Image

Հայաստանի ուժեղագոյն ծանրորդ Սիմոն Մարտիրոսեանը Պուխարեսթի մէջ աւարտած Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան հանդէս եկած է +109 քկ քաշային կարգին ու ախոյեանի կոչումը նուաճած՝ երկամարտի 434 քկ արդիւնքով: Այս մասին կը յայտնէ Armsport-ը


Սիմոնը պոկում վարժութեան մրցանիշ սահմանած է՝ գլուխէն վեր պահելով 198 քկ ծանրաձողը, ինչը Եւրոպայի ցուցանիշ է, իսկ հրումի վարժութեան՝ հայ մարզիկը բարձրացուցած է 236 քկ կշռող ծանրաձողը: Առանձին վարժութիւններուն եւս Սիմոն Մարտիրոսեանը փոքր ոսկի մետալ նուաճած է:

Նշենք՝ ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու առաջնութեան ախոյեանի կոչումը նուաճած են Լիանա Գիւրճեանը, Կարէն Աւագեանը, Արփինէ Դալալեանն ու Վարազդատ Լալայեանը: Իսկ Արա Աղանեանն ու Ռաֆիկ Յարութիւնեանը արժանացած են համապատասխանաբար արծաթէ ու պրոնզէ մետալներու:

Իսկ մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութիւն ոսկի մետալներ նուաճած էին նաեւ Յակոբ Մկրտչեանը եւ Սամուէլ Գասպարեանը: Մինչեւ 23 տարեկաններու պայքարին Տաթեւ Յակոբեանն ու Դաւիթ Յովհաննիսեանը զբաղցուցած են համապատասխանաբար երկրորդ եւ երրորդ հորիզոնականները: