Վազգէն Թեւանեանը՝ ոսկեայ մետալակիր․ Ըմբշամարտի աշխարհի գաւաթ

2020-12-19
Image

Ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեանը (65 քկ) դարձած է Աշխարհի գաւաթի անհատական խաղարկութեան ոսկեայ մետալակիր։ Պելկրատի մէջ ընթացող մրցաշարի եզրափակիչին Թեւանեանը գօտեմարտած է Հունգարիոյ ներկայացուցիչ Իսմայիլ Մուսուկաեւի դէմ և 9։1 հաշուով յաղթանակ տարած:

Յիշեցնենք, որ մեր ըմբիշը որակաւորման փուլի գօտեմարտին 6-0 հաշուով յաղթած էր Մոլտովան ներկայացնող Նիկոլայ Կրահմեզին եւ դուրս եկած 1/8 եզրափակիչ։ Այստեղ ալ Վազգէնը 11-0 հաշուով յաղթած է Պահրէյնի ներկայացուցիչ Հաճի Մոհամատ Ալիին։ 1/4 եզրափակիչին Վազգէնը մրցած էր ռումինացի Նիկոլայ Օխլոպկովի հետ եւ դարձեալ վստահ յաղթանակ տարած է՝ 10-0։  Իսկ կիսաեզրափակիչին Վազգէնը 7:2 հաշուով առաւելութեան հասած էր Ուքրանիան ներկայացնող Գոռ Յովհաննիսեանի նկատմամբ: