ԱՄՆ կտրականապէս դէմ Է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ նոր գործողութեան. Փենթակոնի ղեկավար

2022-12-02
Image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կտրականապէս դէմ է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ նոր ռազմական գործողութեան։ Այս մասին Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթինը յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

«Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութիւններու սրման կապակցութեամբ, ներառեալ վերջին օդուժի հարուածները, որոնցմէ քանի մը հատը ուղղակիօրէն սպառնացած են ամերիկեան անձնակազմի անվտանգութեան, որ Սուրիոյ մէջ տեղական գործընկերներու հետ կ'աշխատի «Իսլամական պետութեան» ջախջախման ուղղութեամբ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է ԱՄՆ–ի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքով:

Փենթակոնի ղեկավարը ապամագլցումի կոչ ըրած է կողմերուն։

Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով մարդոց մահուան կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ հաստատած է ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան 20 նոյեմբերէն ի վեր օդային գործողութիւն կ'իրականացնէ Սուրիոյ հիւսիսին մէջ քրտական կազմաւորումներուն դէմ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան չէ բացառած, որ այդ գործողութիւններուն կը հետեւին նաեւ ցամաքային գործողութիւնը: